Հայաստան անգամ մը եւս կը բացուի աշխարհի քաղաքական լուսարձակին ներքեւ: Նշանակալի ու պատմակշիռ իրադարձութիւն մըն է 17րդ ֆրանքոֆոնիի կայացումը Հայաստանի մէջ: 58 երկիրներու անդամակցութիւնը ունեցող այս կազմակերպութեան ղեկավարներէն արդէն քառասունը առիթը ունեցան ճանչնալու Հայաստանը, վայելելու անոր աւանդական հիւրասիրութիւնը – որ Քսենեֆոնի օրերէն իսկ յայտնի է Եւրոպային – ու ճանչցան հայ ժողովուրդը եւ իրազեկուեցան այս ժողովուրդի կացութեան եւ քաղաքակրթական մակարդակին: Մանաւանդ զգացին թէ հայ ժողովուրդը, այդ լեռնաշխարհի բարձունքներուն վրայ երկու հազար տարիներէ ի վեր պահպանած...
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծած էր Հայաստանի մէջ, անոր հերոսը բարձրացնելով պաշտամունքի պատուանդանին վրայ: Այս հերոսը՝ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ վայելել միեւնոյն ժողովրդականութիւնը, որուն ոյժով ալ կը ջանայ ստեղծել նոր իրավիճակներ: Ժողովրդային զանգուածները տակաւին կը շարունակեն մնալ բարձր տրամադրութեան մէջ՝ խոստացուած լաւ օրերու հաշուոյն: Այդ տրամադրութեան շնորհիւ ալ ստեղծուած է աննախընթաց միաբանութիւն իշխողի եւ իշխուող զանգուածին միջեւ, ինչ որ առիթ կու տայ իրականացնելու քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական բարեփոխումներ երկրին բարելաւման ի խնդիր: Իրավիճակ...
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ՝
Առաջին, Երկրորդ, Երրորդ... Չորրո՞րդ ...
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Այս վերնագրով յօդուած մը գրելու մղուած պիտի չ'ըլլայի եթէ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 21-ին նախօրեակին, յատկապէս այս տարի, յանկարծ նկատած չ'ըլլայի թէ Հայ ժողովուրդը վեց դարեր շարունակ իր անկախութիւնը կորսնցնելէ ետք վերջին մէկ դարուայ ընթացքին նուազագոյնը երեք եւ հաւանաբար նոյնիսկ չորս քաղաքական յեղաշրջումներէ, կամ յեղափոխութիւններէ եւ հետեւաբար Հանրապետական շրջաններէ անցնելու վիճակին մէջ կը գտնուի...
Անկիւնադարձային համապատասխան թուականները ծանօթ են որեւէ ուշադիր ընթերցողի, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ այս տարուայ Սարդարապատեան յաղթական պատերազմներուն եւ...
Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին ընդառաջ
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կենտրոնական վարչութիւնը Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին ընդառաջ յորդորում է երեւանաբնակ իր անդամներին, համակիրներին եւ առհասարակ բոլոր երեւանցիներին քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ ու ազգային-քաղաքական գիտակցութեամբ մասնակցել առաջիկայ ընտրութիւններին եւ իրենց ձայնը տալ ըստ իրենց հայեցողութեան յարմարագոյն թեկնածուներին:
ՌԱԿ Կենտրոնական վարչութիւնը յիշեցնում է բոլորին որ առաջիկայ ընտրութիւնները հանդիսանալու են առաջինը «թաւշեայ յեղափոխութեանը» յաջորդող ժամանակաշրջանում, որոնց ընթացքում փաստացիօրէն փորձարկուելու են երկրի նոր իշխանութեան պատրաստակամութիւնը ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ անցկացնելու, ընտրակաշառքների հոռի աւանդոյթը արմատախիլ անելու,...
Թաւշեայ յեղափոխութեան այս վաղորդայնին, երբ այնքան լաւատես ու վառ են ժողովրդային տրամադրութիւնները՝ ամէն ինչ կը թուի ըլլալ իրագործելի, քիչեր միայն կը հաւատային, որ կրնար յեղափոխութիւն ծագիլ եւ այդ յեղափոխութիւն ունենալ այսպիսի խաղաղ աւարտ: Հետեւաբար, այս մթնոլորտին մէջ, ամէն ինչ կը թուի ըլլալ կարելի:
Մեր վերնագրին տուն տուող պատճառը, նոյնինքն, նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մէկ արտայայտութիւնն է, զոր ունեցած է Սփիւռքի նախարարութեան տուած իր առաջին այցելութեան ընթացքին: Ան յայտարարած է, որ պետութիւնը պէտք է նոր աշխատատեղիներ...
Առայժմ դժուար է եզրակացնել, թէ ի՞նչը մղեց ՀՀԿ-ին ընդամէնը կէս օրում փոխելու իր անտեղիտալի կեցուածքը եւ յայտարարելու, թէ յառաջիկայ Մայիսի 8-ին Հայաստանը կունենայ ոչ ՀՀԿ-ական նոր վարչապետ. կարեւոր մայրաքաղաքներից ստացուած շտապեցնող թելադրանքնե՞րը, Մարտի 2-ին երկրի գրեթէ ամբողջովին անդամալուծուած վիճա՞կը, թէ՞ սեփական շարքերը կուռ պահելու մտահոգութիւնը: Թերեւս այդ բոլորը՝ համատեղ: Ներկայ պահին կարեւորը այն է, որ մեր երկիրը կարող է դուրս գալ փակուղային վիճակից եւ ի վերջոյ օժտուել նոր, համաձայնեցուած կառավարութեամբ: Աւելին մուտք գործել քաղաքական...
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի՝ 25 Ապրիլ 2018ին, երեկոյեան ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, վերջինիս նստավայրում, տեղի ունեցաւ հանդիպում Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի, վարչութեան անդամներ Կարէն Կակոյեանի, Սուրէն Սարգսեանի և Արմէն Մանվէլեանի հետ: Քննարկման հիմնական թեման էր Հայաստանում ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակը և դրանից դուրս գալու ելքերը:
ՌԱԿ Կենտրոնական վարչութեան անդամները ներկայացրին իրենց տեսակէտները, որոնք հետևեալ հինգն են`
Երկու նախագահների` ՀՀ և Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երաշխաւորութեամբ միջնորդական բանակցութիւնների սկսում:
Անցումային-ժամանակաւոր կառավարութեան ձևաւորում,
Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւն (նոր...
Զուտ ազգային, ապաքաղաքական երթ՝ դէպի Ծիծեռնակաբերդ
Հայաստանի գերլարուած ներքաղաքական վիճակը բեւեռացրել է ողջ քաղաքացիական հասարակութեանը՝ բեւեռացման ալիքը տարածելով աշխարհով մէկ։ Ներքին կացութեանը սպառնացող նոր բարդութիւնները եւ նրանց հետեւանքների գիտակցութիւնը մտահոգում եւ տագնապեցնում է համայն հայութեանը, հայրենիքում թէ սփիւռքում։ Մտատանջութիւնների այդ վիճակում՝ արդէն գտնւում ենք Ապրիլի 24-ի սեմին, Մեծ եղեռնի նահատակների յիշատակի օրուայ նախօրէին։
Յաւերժական արժէքները պէտք չէ չափուեն օրուայ քաղաքական կացութեամբ ու ներքաղաքական իրավիճակներով, որքան էլ որ դրանք լինեն դժուարին ու բարդ։ Սրբազան նահատակների կտակը վեր...
Ներքաղաքական խառնակ մթնոլորտում վարչապետի պաշտօնում նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընտրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց նոր՝ խորհրդարանական ղեկավարման փուլ՝ վերափոխուած Սահմանադրութեանը համապատասխան։
Հետագայ ամիսներն ու տարիներն անշուշտ գործնականում ցոյց կը տան պետական նոր կացութաձեւի առաւելութիւններն ու թերութիւնները մեր երկրի համար՝ տնտեսական¸ քաղաքական եւ սոցիալական զարգացման տեսակէտից։
Մինչ այդ՝ մեզ մնում է յաջողութիւն ցանկանալ նորընտիր վարչապետին եւ յառաջիկայ օրերին կազմուելիք նրա կառավարութեանը¸ ի շահ ժողովրդի ու պետութեան¸ ի շահ խաղաղ¸ ապահով եւ բարեկեցիկ կեանքի ձգտող մեր երկրի։
Այսուհանդերձ¸ Ռամկավար Ազատական...
Պատմութիւնը պարտի արձանագրել
Հազիւ թէ երեք տարիներ անցան այն օրերէն երբ հայերս ազգովին նշեցինք ուրիշ հարիւրամեակ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը: Այդ առիթով տեղի ունեցան տպաւորիչ եւ հանդիսաւոր բազմատեսակ ձեռնարկներ Հայաստանի մէջ ինչպէս նաեւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդը ցուցաբերեց միասնականութեան քաջալերական գեղեցիկ կեցուածք մը: Նկատի ունենալով այդ Հարիւրամեակին բնոյթը սակայն, բնականաբար ակնկալելի էր այդ երեւոյթը: Հայութեան կեցուածքը չէր կրնար տարբեր ըլլալ: Միւս կողմէ սակայն ինչ կը վերաբերի 2018 Մայիսին, տեղի ունենալիք Մայիսեան...