Խմբագրական
Անցնող 16 տարիներուն նախագահ Էրտողան յաղթանակէ յաղթանակ կը յառաջանայª վերստին սահմանելով Թուրքիոյ քաղաքական դիմագիծը եւ իր ոյժը ծաւալելով Թուրքիոյ սահմաններէն անդին: Էրտողանի քաղաքական խարիսխը հանդիսացած է Իսթանպուլը, նախկին Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը: Իր 16 միլիոն բնակչութեամբ Իսթանպուլը գրեթէ երկրին մէկ հինգերորդը կը գրաւէ: ՙԱն որ կը շահի Իսթանպուլը` կը շահի նաեւ Թուրքիան՚ ըսած է Էրտողան:
Իր քաղաքական ասպարէզը սկսած է իր ծննդավայր Իսթանպուլէն որուն քաղաքապետը ընտրուած է ան: Ապա կազմելով կրօնամէտ ՙԱրդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն՚ (AKP) կուսակցութիւնը...
Վերջերս Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Խորհուրդի 28-րդ նիստը, ուրկէ կը բացակայէին հիմնադիր բարերարներէն շատեր, որոնք ատենին ոգեւորած էին սփիւռքը` սատարելու հայրենիքին:
Հիմնադրամը ինքնին ողջունելի կառոյց մըն է, որ ոչ միայն դրամահաւաք կը կատարէ, այլեւ խորհրդանշական կերպով իրարու կը զօդէ, կը միացնէ սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր կարողացած է զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքի ներոյժը եւ իրագործած է, ըստ տուեալներու, հարիւրէ աւելի կենսական ծրագիրներ. եւ այս բոլորը` նախորդ փտած (կորումբացուած) իշխանութեան օրով:
Երբ հարցը...
Հայերս միշտ կը պարծենանք այն ազգային դերով որ մեր եկեղեցին կատարած է պատմութեան ընթացքին: Յատկապէս այն դարերուն երբ հայութիւնը նոր էր ընտրած քրիստոնէական կրօնքը: Այդ շրջանին Սահակ Պարթեւներ եւ արքաներ էին ընդգրկուած պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները կանոնակարգելու: Սակայն երբ կորսնցուցինք մեր պետականութիւնը, եկեղեցին մնաց թէ հոգեւոր իշխանութիւն եւ թէ – որոշ չափով նաեւ – աշխարհիկ իշխանութիւն: Հետեւաբար զարմանալի չէր որ Օսմանեան շրջանին պետութիւնը ընդունեց մեր եկեղեցին իբրեւ պետութեան մէջ պետութիւն: Ազգային Սահմանադրութիւնը որ վաւերացուեցաւ Օսմանեան իշխանութեանց...
Արեւմտահայերէնը տէր ու տեղ չունի Հայաստանի մէջ. չունի տէր նաեւ Սփիւռքի մէջ, զանգուածին այլուրացումով, դպրոցներու խաւարումով եւ ընդհանրապէս այդ զանգուածներուն ապամշակութացումով (acculturation):
Լեզուն արժէք մըն է առանձինն, բայց նաեւ՝ բանալին աւելի սուղ գանձերու, այդ լեզուով ստեղծագործուած գրականութեան եւ իմաստասիրական նկրտումներուն:
Այս էջերուն մէջ քանիցս փորձուած է ներկայացնել արեւելահայ-արեւմտահայ լեզուներու եւ զանգուածներու բնութագիրը՝ մէջբերելով Պերնարտ Շոյի մէկ դիպուկ պատկերացումը որ կ'ըսէ.- «Անգլիացիներն ու ամերիկացիները միեւնոյն ազգն են՝ բաժնուած միեւնոյն լեզուով». Այսինքն, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ են իրար...
Թուրքիան հզօր պետութիւն մըն է այսօր եւ ծանրակշիռ դեր մը կը կատարէ աշխարհի քաղաքական թատերաբեմին վրայ իր մասնակցութեամբը ՆԱԹՕ-ի նման ռազմական կառոյցին: Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի նման գերպետութիւններ միշտ ակնկալութիւն ունին Թուրքիայէն եւ յաճախ պատրաստ են քաղաքական ու բարոյական զիջումներ կատարելու՝ սիրաշահելու համար Թուրքիան, անոր ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական հնարաւորութիւններէն օգտուելու: Եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գիտակ են մեծ պետութեանց նպատակներուն եւ ակնկալութեանց եւ գիտեն այդ դրութիւնը օգտագործել առաւելագոյնս, առաջ տանելու համար իրենց սեփական շահերը:
Հակառակ Թուրքիոյ հզօրութեան,...
Յուշերէս Էջ Մը
Հրանդ Տինքի Մահը Մ.Ա.Կ.-ի Մակարդակով Միջազգայնացնելու Վրիպած Նախաձեռնութիւնը:
Բացատրողական Ընթերցողին Ուշադրութեան
Մեր մամուլին հետեւող հետաքրքիր հասարակութեան ծանօթ է, թէ ժամանակ մը առաջ սկսայ գրի առնել յուշերս, եւ գործնական պատճառներով, պարբերաբար անոնց յաջորդական բաժինները հրատարակել սկսայ մեր մամուլին յատկապէս «Ապագայ» մեր շաբաթաթերթին մէջ: Հակառակ երեւոյթապէս «հանգստեան կոչուած» ըլլալու հանգամանքիս սակայն, իրականութեան մէջ տակաւին անխուսափելիօրէն ներգրաւուած կը մնամ մեր ազգային կարեւոր բազմերես եւ անհատնում զարգացումներուն մէջ, հետեւաբար յուշերուս այդ աշխատանքը մեծ մասով ընդհատումի ենթարկուած է:
Ահա այս...
Փաստաթուղթը պատրաստած են՝
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան
ՀՀ Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Վահէ Սահակեան
Նախնական այս տարբերակի մշակումն իրականացուած է սփիւռքի ուսումնասիրութիւններով զբաղուող հետեւեալ մասնագէտներու հետ խորհրդակցութեամբ՝
Խաչիկ Թէօլէօլեան (Ուեզլէյեան համալսարան, ԱՄՆ, Diaspora: A Journal of Transnational Studies գիտական ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր),
Հրաչ Չիլինկիրեան (Օքսֆորտի համալսարան, Մեծ Բրիտանիա),
Արա Սանճեան (Միշիկընի համալսարան-Տիրպորն, ԱՄՆ)
Ռազմիկ Փանոսեան (Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայ համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն, Փորթուկալ)
Հայեցակարգին մէջ ներառուած են նաեւ իրենց կողմէ հնչեցուած առաջարկութիւնները եւ կարծիքները, սակայն հայեցակարգի բոլոր հատուածներու մշակումն իրականացուած է...
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Կ'ակնկալեմ որ այս թուականին այսինքն Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ իսկ, այս վերնագիրը կարդացողները նուազագոյնը զարմանան եւ ուզեն որոշ հիւմուր փնտռել այս գրութեան մէջ:
Հաւատացէք սակայն թէ այնտեղ ոչ մէկ հիւմուր կայ, այլ Դեկտեմբերի 9-ի ընտրութիւններուն կապակցութեամբ, իմ կողմէ կատարուած լուրջ հաստատում մըն է այս:
Ընտրութիւններէն ետք, վստահաբար պիտի կատարուին բազմաթիւ վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ: Սակայն այդ բոլորէն առաջ, նկատի առնելով անցնող շաբաթներուն ընթացքին ընտրութիւններու մասին Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն եւ Ազգային Ժողովին բուռն առաջարկներուն եւ փոխառաջարկներուն,...
Ազգային Այս Նոր Մեծ Տագնապը Լուծելու Համար
Կ'Ակնկալուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին Միջամտութիւնը
Եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ամբողջական
Գործակցութիւնը
Անցեալ Նոյեմբերի 11-ին՝ Կիրակի օր, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցին լեցուն էր եկեղեցւոյ անդամներով, ինչպէս նաեւ շատ աւելի լայն շրջանակէ մը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Թ.Մ.Մ.եան եւ անոնցմէ դուրս եւս համայնքի լայն շրջանակներէն եկած բազմահարիւր ներկաներու բազմութեամբ մը, ի պատասխան Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ծուխի կողմէ կանչուած խորհրդակցական շտապ հաւաք-ժողովի մը որուն կը նախագահէր Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան:
Այս...
Բաւական էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Անթիլիասում արտասանէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած իր ճառը, եւ ահա դաշնակցական հին, նոր եւ նորագոյն գրիչներ արտակարգ ոգեւորութեամբ արձագանգեցին նրա խօսքիՙ իրենց շահագրգռող մէկ եւ ընդամէնը մէ՛կ պարբերութեանը, իւրովսանն մեկնաբանելով այն եւ որպէս ցլամարտի կարմիր լաթ պարզելով Հայ Եկեղեցու միլիոնաւոր այն հետեւորդների դիմաց, որոնց համար, գիտակցաբար կամ բնազդօրէն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինն է իրենց հայկական հաւատքի գլխաւոր կենտրոնը, իսկ վերջինիս ենթակայ թեմերն...