1999 Հոկտեմբեր 27-ին պատահած հաւաքական սպանդը Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ մօտ 20 տարի ետ մղեց Հայաստանի քաղաքական յառաջխաղացքը: Նկատի ունենալով, որ այդ ողբերգութիւնը գործադրուած էր նախորդ իշխանութեան օրով` կասկածները շարունակուած էին ու կը շարունակեն մնալ օդին մէջ, որովհետեւ ենթադրութիւններն ու պնդումները ուղղուած կը մնան նախկին իշխանութիւններուն, իբրեւ պատասխանատու կամ` մեղսակից:
Արդարեւ, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար անբացատրելի է թէ ինչպէ՛ս այդ երկրին խորհրդարանը կը մնայ այնքան անպաշտպան, որ օր ցերեկով հինգ զինեալներ, իրենց...
Հայերս իւրայատուկ ազգ մըն ենք, մանաւանդ մեր ընտրած արժէհամակարգերով դարերու ընթացքին: Մեր յեղափոխական պատմավիպագիրը Րաֆֆի իր «Ճալալէտտին» վէպին մէջ կը կշտամբէ մեր նախահայրերը որ փոխանակ զէնքի ու սուրի` նախընտրած էին սկիհներ ու եկեղեցական սպասներ սարքել: Եթէ կատարած ըլլային առաջինին ընտրութիւնը` այսօր կ'ունենայինք մեր անկախ երկիրը: Սակայն, կ'երեւի խորհուրդ մը կար այդ ընտրութեան մէջ որ մեր ճակատագրապաշտ նախնիները ընտրեցին այդ ուղին: Այդուհանդերձ ազգը քալեց դաժան դարերու ճամբէն եւ հասաւ կերտելու հայրենիք մը:
Այսօր մենք պէտք է...
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն արդէն 98 տարի հպարտ ու ազնուաբարոյ նաւարկում է ժամանակի ծովում: Որպէս ապրող ու արարող կենդանի օրկանիզմ` ՌԱԿ-ը երբեմն հանդարտ, երբեմն խութերի հանդիպելով կարողացել է յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ դուրս գալ խաղաղ ու արարող հանգրուան: Խորհրդային տարիներին ժողովրդական սկզբունքներով առաջնորդուող ռամկավարները վեր կանգնելով դասակարգային անիմաստ սահմանազատումներից Սփիւռքում արեցին ամէն ինչ յանուն ազգային լինելիութեան: Ազգապահպանման ջանքերին զուգընթաց ՌԱԿ-ը քաջալերում էր հայ մարդու բարեկեցութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, իսկ երբ առիթը ներկայացաւ խրախուսեց նաեւ ներգաղթը
ՌԱԿ-ը ողջամիտ...
Հայ ժողովուրդը երկու առիթներ ունեցաւ անկախ պետականութեան տիրանալու 20րդ դարուն: Երկու առիթներն ալ ընծայուեցան համարեա միեւնոյն կամ նման քաղաքական պայմաններու ներքեւ: 1918ի անկախութիւնը հետեւանքն էր ռուսական եւ օսմանեան կայսրութեանց փլուզման: Արդարեւ, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին քաղաքական պարապութիւն մը ստեղծուած էր Կովկասի մէջ զոր լեցնել կը ձգտէին մէկ կողմէն քեմալական Միլլի շարժումը եւ միւս կողմէ` հզօրացող Սովետ կայսրութիւնը: Քաղաքական այդ մրցակցութեան պայմաններուն ներքեւ կովկասեան երեք ազգերը կազմեցին համադաշնակցութիւն մը` Կովկասեան Սէյմը, որ երկար կեանք մը չունեցաւ,...
Ռ.Ա.Կ.-Ի ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՀՌՉԱԿԱԳՐԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ
Մեր նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագրի 30-ամեակին: Այդ հռչակագրի հրապարակումէն երեք օր առաջ, նոյն խորհրդարանին մէջ, կայացած հանդիսաւոր նիստին իբրեւ առաջին սփիւռքահայ ներկայացուցիչ, յանուն աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ին խօսք առաւ ընկեր Երուանդ Ազատեան, որ բեմ հրաւիրուեցաւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Ազատեանի խօսքը.-
Խմբ.
Մեծայարգ Նախագահ Պրն. Լեւոն Տէր Պետրոսեան,
Յարգելի նախագահութիւն եւ պատգամաւորներ,
Երկար դարերու ազատազրկումէն ետք, այս պահուն պատմական երազ մըն է որ կ՛իրականանայ ինծի համար, երբ այս ազատ...
Հայ ժողովուրդը 1375-էն ի վեր երբեք չէ վայելած երեք տասնամեակ տեւող անկախութեան մը բարիքը: Արդարեւ, 14-րդ դարուն է որ վերջ գտաւ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը մեմլուքեան արշաւանքներուն հետեւանքով – ուրեմն, վերջին 30 տարիներու անկախութեան գոյութիւնը մեր ժողովուրդին ընծայեց ինքնիշխանութեան եւ ինքնակառավարման պատմական պատեհութիւն մը, որուն կ'արժէ անդրադառնալ 1990-ի Օգոստոս 23-ին հրապարակուած «Հայաստանի անկախութեան հռչակագիր»ի լոյսին տակ: Արդարեւ, կ'արժէ յետադարձ հայեացքով մը գնահատել եւ վերարժեւորել պետականութիւն ունեցող մեր ժողովուրդին կենցաղը, կենսագրութիւնը եւ, ի մի բան` անոր գիտակից...
Խմբագրական
Մենք միշտ սահմանին`
Կենաց ու մահի
ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը միշտ դիմագրաւած է երկընտրանքներ, եւ յաճախ կեանքի այդ քարուղիներուն վրայ մենք ընտրած ենք սխալ ճանապարհներ: Հազարամեայ տանջանքներէ, կոտորածներէ, հայրենական հողի ահաւոր կորուստներէն ետք եկած ու ծուարած ենք մեր պատմական հայրենիքի մէկ անկիւնաքարին վրայ:
Պատմաբան Սիմոն Սիմոնեան մեր սխալներուն նախահայրը կը նկատէր Հայկ Նահապետը, որ նախընտրեց հաստատուիլ Հիւսիսի լեռնաշխարհին մէջ, փոխանակ նստելու արաբական անապատի քարիւղաշաղախ աւազներուն վրայ:
Եւ արդարեւ, շատ մը ժողովուրդներ, յաճախ քաղաքակրթութեան ստորին սանդխտամատերուն վրայ, բախտաւորութիւնն ունեցած...
Վերոյիշեալ վերնագիրը անմիջապէս պիտի յիշեցնէ առողջական կամ բժշկական խնդիր մը: Արդարեւ, գոյութիւն ունի ֆիզիքական հիւանդութիւնը որ կը կոչուի «Հայկական հիւանդութիւն». պիտակում մը որ գիտական նշանակութիւն մը չունի. այդ հիւանդութեան գիտական անունն է «ընտանեկան միջերկրականեան տենդ» (Ֆամիլիալ մէտիդէրրանէան ֆիվըր), որ ընդհանրապէս կը յայտնուի հայ, հրեայ, արաբ եւ թուրք ծագումով անհատներու մօտ. հայերս, շատ մը բաներու նման իւրացուցած, սեփականաշնորհած ենք նաեւ այդ հիւանդութիւնը, որուն դարմանումը գտնուած է 1951ին եւ բուժման համար կը գործածուի Քոլչիսին (Colchisin) դեղը:
Սակայն,...
Դատարանների շուրջ ծաւալուած վերջին իրադարձութիւնների վերաբերեալ եօթ կուսակցութիւնների համատեղ յայտարարութիւնը, ինչպէս ընդունուած է այսօրեայ մեր լրագրողական բեւեռացուած դաշտում, հասարակութեանը ներկայացուեց խեղաթիւրուած, հակադիր ճամբարների իւրօրինակ տրամաբանութեամբ, ցանկալի եւ անցանկալի շեշտադրումներով, եւս մէկ անգամ փորձելով հասարակութեանը զրկել յայտարարութեան բովանդակութեանը թափանցելու պատեհութիւնից, պատկերաւոր ասած՝ ամեն մէկը վերմակն իր վրայ քաշելով: Կծու ընդդիմադիր դիրքերից հանդէս եկող մի շարք լրատուամիջոցներ, իրենց սովորութեան համաձայն, քոնթէքստից դուրս բերելով յայտարարութեան որոշ բառերՙ հետեւեալ վերնագրով ներկայացրին այն՝ «Հակազդելու ենք իշխանութեան բոլոր ապօրինի գործողութիւններին»,...
Ստորեւ ներկայացուած զեկոյցին նպատակն է նշումներ կատարել սփիւռքահայ մամուլի կարգ մը երեւոյթներուն մասին եւ բնաւ յաւակնութիւնը չունի համապարփակ պատկերացումը տալ այդ մամուլին:
(Ներկայացուած` Հայ Մամուլի նուիրուած Համահայկական Համաժողովին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Յուլիս 2-4, 2019ին)
Լրագրութեան նպատակը դաստիարակութիւնն է հանրութեան: Լրագրողը լրաքաղութեամբ իրազեկ կը դարձնէ ընթերցողը աշխարհի անցուդարձերուն մասին որոնք կրնան անդրադառնալ իր անձին կամ իր պատկանած հաւաքականութեան ճակատագրին վրայ:
Սփիւռքահայ մամուլը լրագրութեան սկզբունքային առաքելութենէն անդին ունեցած է եւ ունի օգտապաշտ նպատակ մը: Բացի իրազեկելէ ընթերցողը, լուրերու եւ...