Գանատա չեղեալ համարած է Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման արգելք սահմանելու որոշումը

Գանատայի կառավարութիւնը չեղեալ համարած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ընկերութիւններուն նկատմամբ` Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման սահմանափակումները: Անոնք կը կիրարկուէին 2020 թուականին` գանատական ճարտարագիտութիւնները Արցախի մէջ 44-օրեայ պատերազմին մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու մէջ օգտագործելու պատճառով:

Արգելքը ջնջելու որոշումը որդեգրուած է, երբ Թուրքիան հաւանութիւն տուած է Շուէտի` ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան:

Կը նշուի, որ արտածման վերսկսման մասին համաձայնագիրի ծիրին մէջ Թուրքիոյ յստակ ցոյց պիտի տայ, թէ արդեօք ապրանքները պիտի վերարտածուի՞ն կամ պիտի փոխանցուի՞ն ՆԱԹՕ-ի անդամ չեղող երկրի, բացառութեամբ` Ուքրանիոյ, եւ ի՞նչ ձեւով ապրանքը պիտի վերարտածուի: