Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի Աշակերտներու Ելոյթը Թէքէեան Կեդրոնին մէջ

Յունիս 5-ի Կիրակին աննախընթաց երեւոյթ մը կը դիմաւորէր մեզ: Մանուկներ իրենց ծնողներով կը ժամանէին Թէքէեան Կեդրոն ուր սիրալիր ընդունելութիւն կը գտնէին Վարչութեան անդամներուն կողմէ:

Առաջին հերթին ողջոյնի բացարձակ լուրջ մթնոլորտը մեզի խորհրդածել կու տայ յարգանքի գիտակցութիւնը Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս երաժշտանոցի գործընթացի մասին:

Վարչութեան ժրաջան փոխ ատենապետուհին Ցոլինէ Մուղալեան հայերէնով՝ եւ գիտակից վարչական անդամ, արուեստագէտ Տէմսի Արզումանեան ֆրանսերէնով՝ բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ դրսեւորեցին Թ.Մ.Մ.-ի Կոմիտաս երաժշտանոցին նպատակը որ է արուեստի ճաշակով օժտել մանուկներն ու պատանիները եւ հասցնել զանոնք լաւագոյն մակարդակի, տնօրէնութեամբ երաժշտագէտ մանկավարժ Լուսին Ժամկոչեանի:

Աշակերտները թիւով 30 բացառիկ կանոնաւորութեամբ մուտք գործեցին սրահէն ներս. եւ 3էն 14 տարեկան մասնակիցներ, բարեկիրթ խնարհութենէ վերջ իրենց ելոյթները ունեցան դաշնակի եւ ջութակի վրայ:

Յայտագիրը կը պարփակէր «Au Clair de la Lune»էն մինչեւ Musette (J.S. Bach), YerganikAmbela (Gomidas), Carmen (Bizet), Valse in a minor (Chopin), Symphoy 40 in g Minor (Mozart).

Դասատուն Օր. Լուսին Ժամկոչեան 3 տարեկանէն սկսած է երաժշտութեան հետեւելու ընտանիքին մէջ ունենալով երաժիշտ խմբավար հայրը:

Աւարտած է Պալի երաժշտանոցը, 8 տարիներ հետեւելով դաշնակի մասնագիտութեան եւ այլ գործիքներու նաեւ ձայնամարզութեան, հետեւած է 5 երգչախումբերու Soprano Vocalize ձայնով եւ ելոյթներու մասնակցած է Սուրիական նահանգներու եւ Իտալիոյ 7 քաղաքներու մէջ:

Ապա Հալէպի մէջ կը ստանձնէ փողերախումբերու կազմութիւնը եւ կը դասաւանդէ Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցին մէջ, 2014 թուականին իբրեւ ժիւրիի անդամ կը մասնակցի The Voice յայտագրին:

Լիբանանի մէջ Իլիաս Ռահպանի երաժշտանոցին մէջ իբր դաշնակի ուսուցչուհի, միեւնոյն ժամանակ Բարսեղ Կանաչեան (Պէյրութ) երաժշտական դպրոցը կը դասաւանդէ դաշնամուր եւ Սոլֆէժ, Մոնթրէալի մէջ շարունակելով երաժշտական ասպարէզը կը ստանձնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ դպրապետութիւնը 2016ին.

Կը հիմնադրէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի փողերախումբ ֆրանսական ոճով եւ համազգայինի մանկապատանեկան Նանոր Երգչախումբը, ու կը հետեւի շաբաթօրեայ վարժարանի երաժշտական դասաւանդութեան ուսուցման:

Այժմ կը վարէ Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը ուր 30 աշակերտներ ելոյթ ունեցան եռանդով եւ ցնծութեամբ:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ տնօրէնուհին, մէկ առ մի հրաւիրեց բոլոր աշակերտները եւ գնահատանքի վկայագիրներ յանձնեց անոնց: Շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն յառաջիկայ Սեպտեմբերին հանդիպելու մաղթանքներով:

Աշակերտներու կողմէ մատուցած ծաղկեփունջերու սիրոյ եւ երախտիքի, արտայայտութիւններ էին իրենց ուսուցչուհիին նկատմամբ:

Յարատեւ յաջողութիւններ եւ շնորհակալութիւններ Թէքէեան Մշակ. Միութեան

Կոմիտաս Երաժշտանոցին եւ անոր վաստակաւոր տնօրէնուհիին Օր. Լուսին Ժամկոչեանին:

Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ:

 

Վարդուհի Պալեան