Մեծ շուքով նշուեցաւ՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի 44-րդ եւ ABAKAnews.org-ի 4-րդ տարեդարձը

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԲԱՑԱՌԻԿ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ՝

ՏԻԱՐ ԿԱՐՕ ՏՕՆՈՅԵԱՆ

ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ»

Շաբաթ՝ 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի առաջնորդ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանին եւ ներկայութեամբ Մոնթրէալահայ գաղութի գրասէրներու հոծ բազմութեան մը՝ գործադրուեցաւ տպաւորիչ յայտագիր մը որուն ընթացքին խանդավառութեամբ, տօնախմբուեցաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի 44-րդ եւ ABAKAnews.org-ի 4-րդ տարեդարձը:

Երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանի կողմէ սեղաններու օրհնութիւնէ ետք, սրահը ամբողջութեամբ լեցնող ներկաները նախ հիւրասիրուեցան գինիով եւ նուրբ եւ ընտիր ճաշացուցակի մը համաձայն պատրաստուած բացառաբար համեղ ճաշերով: Ապա, հանդիսավար Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան բացման եւ բարիգալստեան խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ գնահատանքով անդրադարձաւ, ամէն տարուայ նման, Գանատայի առաջին հայկական շաբաթաթերթի տարեդարձի աւանդութիւն դարձած այս տօնակատարութեան եւ այդ առիթով կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն, որոնք կը ցոլացնեն հանրութեան գնահատանքը հանդէպ «Ապագայ» շաբաթաթերթին: Հանդիսութիւնը հովանաւորող Առաջնորդ Սրբազան Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի բացակայութեան, որ նոյն օրը մեկնած էր Ս. Էջմիածին, հանդիսավարուհին հրաւիրեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը, որ իր կարգին ընթերցեց Աբգար Սրբազանի շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան գիրը: Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ ԹՄՄ Վարչութեան անդամ Տիկ. Ցոլինէ Մուղալեան Քէհեայեան ներկաներուն հաղորդելու Նորին վսեմութիւն Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի շնորհաւորական եւ գնահատանքի գիրը:

Յաջորդաբար իր սրտի խօսքը կատարելու հրաւիրուեցաւ «Ապագայ»ի պատասխանատու խմբագիր՝ պրն. Աւետիս Պագգալեան: Ան իր խօսքին մէջ կարեւորեց «ԱՊԱԳԱՅ»ի գոյութեան իմաստը անցեալին ու ներկային, նամանաւանդ մեր ինքնութեան պահպանման սուրբ գործին մէջ, ապա ներկաներուն խրախուսեց, որ անոնք քաջալեր հանդիսանան  նոր սերունդին, որպէսզի անոնք կարդան հայերէն եւ խօսին հայերէն: Իր խօսքի աւարտին, ան սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնեց իր բոլոր գործակիցներուն, որոնց անսակարկ օգնութիւններով կարելի կը դառնար «Ապագայ»ի անխափան հրատարակութիւնը:

Վերջապէս, «Ապագայ»ի գլխաւոր հիմնադիրներէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան խօսք առաւ ներկայացնելու համար օրուայ խորհուրդը:

Դոկտ. Կէօնճեան տարեդարձ նշելու առիթները գեղեցիկ եւ կարեւոր աւանդութիւն մը նկատելով հակիրճ ակնարկ մը նետեց անցնող տարիներուն վրայ: Ան կարեւորութեամբ նշեց թէ մինչ 70-ական թուականներուն աննախընթաց արագութեամբ բազմացաւ Գանատահայ եւ Մոնթրէալահայ գաղութը, եւ մինչ գիտակից աշխատանքով ստեղծուեցաւ եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ, խումբ մը իսկական սրբազան խենթեր առանց նոյնիսկ նախապէս փորձառութիւն ունեցած ըլլալու, գլուխ հանեցին Գանատայի առաջին շաբաթաթերթ եռալեզու Ապագային հրատարակութիւնը: «Ապագայ»ն որպէս գիտակից մամուլ ոչ միայն կը կատարէ այլազան եւ հետաքրքրական պարունակութեամբ լրատուութիւն այլ ան մանաւանդ կը կատարէ,  հայրենիքի թէ Սփիւռքի եւ յատկապէս Գանատահայութեան մէջ կատարուող իրադարձութեանց վերլուծումը: Ան կը հաստատէ մտաւորական կապը թէ Գանատահայութեան տարբեր մասնիկներուն միջեւ եւ թէ Գանատահայութիւնը կը կապէ ամբողջ Սփիւռքին եւ Հայրենիքին:

Դոկտ. Կէօնճեան յատուկ կերպով վեր առաւ «Ապագայ» հրատարակութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Պէտք է շարունակաբար հայթայթել անոր մարդկային եւ մտաւորական ոյժ եւ նոյնքան եւ աւելի նիւթական տրամադրելիութիւն: Հետեւաբար Դոկտ. Կէօնճեան բարձր գնահատեց անցեալի եւ այսօրուայ «Ապագայ»ի անձնակազմերը եւ մասնաւորապէս այսօրուայ պատասխանատու խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեանը եւ կարող վարիչ քարտուղարուհի Սալբի Մարկոսեանը:

Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Դոկտ. Կէօնճեան յայտարարեց թէ յատուկ հաճոյքով եւ այս աւանդական ձեռնարկին առիթով առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Գանատահայ «Տարուայ Մարդ»ը: Արդարեւ Թ.Մ.Միութիւնը եւ «Ապագայ»ն որոշած էին այս ձեւով մասնաւոր յիշատակութեամբ պատուել Օթթաուաբնակ Պրն. Կարօ Տօնոյեանը որ յատկապէս վերջին տարիներուն գիտակից եւ առատաձեռն իր օժանդակութիւններով օգտակար հանդիսացած է գաղութի տարբեր կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութեանց եւ զանոնք յաճախ անել նիւթական կացութիւններէ դուրս բերելով հասցուցած է յաջողութեանց: Բացառիկ այդ պարագաներէն մէկն է Օթթաուա-ի մէջ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Թեմին եւ տեղւոյն Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ ծուխին կողմէ հսկայական գեղեցիկ կալուածի մը գնումը որուն համար ան յատկացուց $200.000 իշխանական իր նուէրը:

Դոկտ. Կէօնճեան խտացած կերպով ներկայացուց պրն. Տօնոյեանի կենսագրական գիծերը սկսելով իր ծննդավայր Հալէպէն: Դոկտ. Կէօնճեան շեշտը դրաւ թէ Կարօ Տօնոյեան քիչ արտայայտուող եւ քիչ երեւնալ ուզող բացառիկ գիտակցութեամբ անձնաւորութիւն մըն է որ մասնաւոր կերպով կապուած է իր ազգային ժառանգութեան, հայրենիքին եւ գաղութի կենսունակութեան հետ առնչուող մտահոգութեանց որոնց կը բերէ իր թանկագին օժանդակութիւնը, Դոկտ. Կէօնճեան ապա հրաւիրեց պրն. Կարօ եւ իր կողակից  Տիկ. Անօ Տօնոյեանները որոնց յանձնեց գեղեցիկ արձանագրութիւն մը կրող ապակեայ յուշանուէր մը:

Արդէն ժամանակը հասած էր սկսելու համար օրուան յայտագրին երկրորդ մասը:

Հանդիսավար Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան բեմ հրաւիրեց օրուայ երաժշտական բաժինը կատարելու համար Արտէն Արաբեան, Սաշա Ճիհանեան եւ իրենց շատ սիրուած քառեակը: Իր ներածական խօսքերուն մէջ Տիկ. Մարկոսեան հակիրճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտ Արտէն Արաբեանի եւ սոփրանօ՝ երգչուհի Սաշա Ճիհանեանի կենսագրական գիծերը: Սաշան իր երաժշտութեան մասնագիտութիւնը զարգացուցած է օփէրայի գծով, եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Canadian Opera Company-ի միջոցաւ, նուաճելով առաջնութեան մրցանակներ Ֆիկարօ, Գարմէն, Տոն Ճիովաննի եւ շարք մը այլ հանրածանօթ օփերաներու գլխաւոր դերերը ստանձնելով: Մասնակցելով Մէթրոփոլիթան Օփէրայի որոշ ծրագիրներուն, նոյն ժամանակ ան վաստկած է Պսակաւոր եւ ապա Մագիստրոս վկայականները ու հրաւիրուած է ելոյթներ ունենալու Եւրոպական քաղաքներու մէջ, ինչպէս`Չեխիոյ, Պելճիգայի եւ այլ մայրաքաղաքներու մէջ:

Արտէն Արաբեան Ճազզ երաժշտութեան նկատմամբ ունեցած է բնածին տաղանդներ եւ վերջին տասը տարիներուն Montreal Jaz Festival-ին մրցանակներուն արժանացած է. ան յաջողութեամբ վաստկած է Պսակաւոր Արուեստի վկայականը Մոնթրէալի Համալսարանէն, իսկ վերջերս զարգացուցած է հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու վերամշակումը, անոնց մէջ ներմուծելով ճազզ-ի թեմաներ:

Երկուքն ալ ըլլալով Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան Վարժարանի շրջանաւարտներ Սաշա Ճիհանեանի հետ Արտէն Արաբեան կազմակերպած են երաժշտական քառեակ մը որ նոր եւ թարմ շունչ ներմուծած է դասական եւ ժողովրդական երգերու եւ նուագներու մէջ: Այս տինամիք խումբը հրամցուց տասնեակ մը հայկական եւ օտար ժողովրդական երգերու փունջ մը, սկսեալ Կոմիտասէն մինչեւ Էլեկիա ու Շանսոն Պոհէմ:

Ներկայ բազմութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ բուռն ծափերով բարձր գնահատեց արուեստագէտներու կատարումները, վերջաւորութեան կրկնակի bis-երով անոնք կատարեցին քանի մը կտորներ եւս: Հակառակ որ հասած էր կէս գիշերուան պահը, արուեստագէտները չմերժելով հանդիսատեսներու բուռն փափաքը, անգամ մը եւս իրենց տեղերը գրաւելով՝ ներկաներուն ներկայացուցին «Ծաղիկներ ծաղիկներ երգը եւ աւարտեցին օրուայ յայտագիրը Երեւանի 2801 տարեդարձին նուիրուած «ԷՐԵԲՈՒՆԻ ԵՐԵՒԱՆ» երգով:

Ելոյթի աւարտին՝ խօսք առաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի վարչութեան ատենապետ Տիար Պերճ Գոգորեան: Ան ներկաներուն  շնորհակալութիւն յայտնեց այս բացառիկ ձեռնարկին իրենց բերած քաջալերութեան համար ապա ըսաւ.- «Այսօր «Ապագայ»-ի տարեդարձով 44 երկա՜ր տարիներ անցան, սակայն վաղը առաւօտ անմիջապէս կը սկսի «Ապագայ»-ն շարունակել իր պատուաբեր երթը դէպի 45-րդ տարեդարձ» եւ բարի երթ մաղթեց բոլորին:

 

Թղթակից