Շնորհակալութիւն

Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչ՝ Ն. Վ. Julie Payette-ի ինձ շնորհած Member of Order of Canada գանատական պետական բարձր ճանաչման եւ պարգեւատրման առիթով, խորապէս զգացուած եւ շնորհակալ եմ ցարդ ինձ ուղղուած անհամար շնորհաւորական ջերմ եւ անկեղծ՝ անձամբ, գրաւոր թէ հեռաձայնային արտայայտութեանց ի դիմաց:

Այս առիթով յատուկ կերպով կ’ուզեմ մասնաւորել շնորհակալութիւններս՝ Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեանին, Հ. Հ. Գանատայի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ազնուափայլ Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանին, Գանատացի եւ օտար տարբեր անձնաւորութիւններէն յատկապէս Սէն Լորանի Քաղաքապետ պրն. Ալան Տը Սուզաին, բարեկամ թէ մրցակից ազգային մեր գլխաւոր կազմակերպութեանց՝ յատկապէս

Հ. Բ. Ը. Մ. եան, Ռ.Ա. Կ. եան, Թ.Մ.Մ.եան, Հ. Յ. Դ. եան գերագոյն ղեկավարներուն ինչպէս նաեւ անոնց աշխարհատարած եւ տարբեր շրջաններու բազմաթիւերկարամեայ նուիրեալ պատասխանատու գործիչներուն եւ մանաւանդ աւելի քան յիսուն անցնող տարիներուն ընթացքին տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ ինձ հետ անմիջական գործակցութեան՝ յաճախ դժուար ճանապարհ կտրած նուիրեալ անհատներուն:

Կատարուած գնահատական եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերը, համեստաբար ընդունելով, անկեղծ մաղթանքս է, որ մեր ազգային թանկագին ժառանգութեան պահպանման, առաւել զարգացման եւ տարածման բոլոր աշխատանքները, ամէնուրեք շարունակուին առաւել յարատեւութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ, յամառութեամբ եւ յաջողութեամբ:

Մաղթանքս է, որ մեր հայրենիքը հզօրանայ եւ յաղթահարէ այսօր իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները, իսկ սփիւռքը յաջողի իր գոյութիւնը ազգային առումով իսկապէս իմաստաւորել եւ կազմակերպել յօգուտ Հայաստան հայրենիքին:

Վերջապէս խոր գնահատանքս եւ շնորհակալութիւնս յայտնելով մեր սքանչելի երկիր Գանատան գլխաւորող Ն. Վ. Ընդհանուր Կառավարիչին՝ բարձր ճանաչման այս ժեսթին համար, ջերմագին մաղթանքս կ’ուզեմ յայտնել որ մարդկային շնորհքի իսկական ովասիս հանդիսացող՝ ասպնջական Գանատան շարունակէ իր ապահով երթը, այլապէս բազմաչարչար տագնապներով լեցուն այս աշխարհի տարածքին վրայ:

 

Արշաւիր Կէօնճեան  

Մոնթրէալ