Սայաթ Նովա՝ Երգի եւ Սիրոյ Կարօտեալ Բլբուլը

Մոնթրէալ: Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Սայաթ Նովայի նուիրուած երեկոն խոստովանութիւն մըն էր, թերեւս յանձնառութիւն մը Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութեան:

Ըսելը՝ դիւրին է ու հաճելի, երազելը՝ համարձակութիւն կը պահանջէ, իսկ իրագործելը՝ արկածախնդրութիւն:

Եւ այդ երազը իրականացաւ Ուրբաթ 1 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Թ.Մ.Մ.-ի «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահին մէջ:

Որոշեալ ճիշդ ժամուն խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան, հոյլ մը արուեստասէրներ, առաջնորդուած երաժշտագէտ ու գեղարուեստական պատասխանատու՝ պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեանի, ներկայացուցին «Սայաթ Նովայի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները»:

Ակնյայտ էր բեմին պատշաճ աշուղեան յարդարումը, իսկ կեդրոնը, խորքին, շքեղօրէն կը հանգչէր Սայաթ Նովայի կիսանդրին՝ ձեռագործը համազգային համբաւի տէր գծագրիչ ու արձանագործ տօքթ. Մկրտիչ Տարագճեանի, որ անվերապահօրէն տրամադրած էր սոյն միջոցառումին, կատարեալի վերածելու համար բեմայարդարումի կատարուած ջանքերը:

Շնորհաւորելի էր լոյսերու եւ ձայնաւորումի պատասխանատու Ժանօ Արապաթլեանի եւ Վիգէն Աբգարեանի արհեստավարժ աշխատանքը:

Բացման խօսքով՝ տիկ. Ծովակ Սողիկեան անսայթաք ու մաքուր առոգանութեամբ բարի գալուստ մաղթեց արուեստասէր հանդիսատեսներուն, խնդրելով որ յայտագրին հեզասահ ընթացքի բնոյթը չի կորսնցնելու համար, գնահատանքի ծափերը վերապահուէին հանդէսի աւարտին միա’յն:

Որքան ալ որ երկար ըլլայ մեր գնահատանքը բանախօսուհի տիկ. Մարօ Ճանպազեանի ելոյթին, դարձեալ բաւարար պիտի չըլլայ՝ հարազատօրէն ներկայացնելու այն հանդարտ ու յստակ ձայնը, կուռ ու արտայայտիչ ոճը, գեղեցիկ մայրենին, դիւրահաղորդ ու պատշաճ մօտեցումն ու բծախնդրօրէն պատրաստուած՝ «Սայաթ Նովան եւ իր ստեղծագործութիւնները»ն՝ երբեմն կեանքի ալեկոծ ելեւէջներով, սակայն յաճախ՝ ազգային հպարտութիւն կամ սիրային տուայտանքներ առթող երեւոյթներով:

Սայաթ Նովայի ծննդեան ճի’շդ թուականը բազում վէճերու հետեւանք տուած է. սակայն տիկ. Ճամպազեան, վաւերական փաստերով այդ թնճուկը քակեց:

Տասնին տարեկանում ման եկայ Հաբաշ Հինդուստան,

            քսան տարուց էշխի ընկած լալ կը ծախեմ սովդաբարին…

այս խաղը թուագրուած է 1742, իր 20 տարեկանին, ուրեմն ծննդեան ճի’շդ թուականն էր 1722:

«Ամէն տարի Մայիս ամսոյն, Հայաստանին մէջ Սայաթ-Նովայի յիշատակին վարդատօն կ’ըլլայ, որպէս կարօտեալ բլբուլի, սիրառատ վարդի անզուգական երգիչ: Անոր յուշարձանը կը ողողուի վարդերով: Իսկ այս երեկոյ դուք ձեզի հետ տարէք մեր անմահ սիրոյ երգիչ աշուղ Սայաթ-Նովայի վարդաբոյր երգերու փունջը»:

Այսպէ’ս վերջացուց տիկ. Ճամպազեան:

Ան այս բոլորը կատարեց, առանց կորսուելու կամ մեզ կորսնցնելու՝ մանրամասնութիւններու խաժամուժին մէջ:

Մէկ խօսքով տիկ. Ճամպազեան հմայեց մեզ:

Ճիշդ է թէ, տիկ. Սիլվա Ամատունին այլեւս ակնբախ, ասմունքի երկնքին վրայ փայլող աստղ մըն է, սակայն ան, այսօր, ինքզինքը գերազանցեց. նախ՝ «դուն էն հուրին իս»ով, դաշնամուրի գողտրիկ նուագակցութեամբ պրն. Ս. Քէօշկէրեանի, յետոյ, իբրեւ յայտագրի վերջաբան Սիլվա Կապուտիկեանի՝ «Սայաթ Նովային»ով… (մշակ.՝ Ռ. Ալթունեան):

«Չի մեռնի էն ժողովուրդը, որ քեզ նման սիրե’լ գիտի,

            Որ վէրքերից երգե’ր ծնել ու այրուելով՝ այրե’լ գիտի:

            Մեր երգերո՜վ, մեր վէրքերո՜վ դար ու դարեր քայլե’նք պիտի,

            Ու դու մեզ հետ՝ քո քամանչով գալո՜ւ ես դեռ, Սայա’թ-Նովա»:

Որքա՜ն զգայացունց… որքա՜ն փշաքաղում… եւ որքա՜ն…, որուն յաջորդեց նախ քար լռութիւն… ու յետոյ ծափահարութիւն:

Սայաթ Նովայի հանդիսութիւնը յորձանք մը եղաւ բազում յայտնութիւններու:

Առաջին յայտնութիւնը՝ Տարօն Նազիրկանեանն էր, Առնօ Բաբաջանեանի «Քանի վուր ջան իմ» երգով՝ (ձայնի եւ դաշնամուրի փոխադրութիւն՝ պրն. Ս. Քէօշկէրեան) եւ յետոյ «Քամանչա»ով (մշակ.՝ Մարտին Մազմանեան): Պրն. Նազիրկանեանի ձայնին որակը, համարձակութիւնը եւ մանաւանդ երգի իր մեկնաբանութիւնը, այնքան յաջող էին, որ պահ մը մոռնալով՝ նախապէս «չի ծափահարել»ու խնդրանքը, ներկաները խանդավառութեամբ…:

Երկրորդ յայտնութիւնը պրն. Ժագ Մագսուտն էր. երիտասարդ, ուսանող՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս» երաժշտանոցի առաջնակարգ աշակերտներէն, որուն հաճոյքն ունեցանք վայելելու դաշնակի իր ընկերակցութիւնով՝ «Բլբուլի հիդ» ի երաժշտութեան հետ: (կ’արժէ յիշել թէ Թէքէեանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցը իր օգտաշատ աշխատանքը կը տանի 2020  -էն ի վեր):

«Գեղարուեստական պատասխանատու»…:

Երկու ոսկեայ բառեր, որոնց մէջ կը պարփակուի համայն աշխարհ մը մշակոյթի: Անծայրածիր երեւոյթ մը՝ գիտութեան, մտքի կեդրոնացումի ու երեւակայութեան ճախրանքի, աշխատանքի, ծրագրելու ու գործադրելու՝ հաւատք եւ վերջապէս Ձիրք կամ Տաղանդ՝ իբրեւ եզրակացութիւն:

Առանց տատամսելու կարելի է ըսել, որ այս բոլորը կը գտնուին պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեանի մօտ:

Եւ իբրեւ անհերքե’լի փաստ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Սայաթ Նովա»-ի աննախընթաց այս ձեռնարկն էր:

Ո՜հ, վերոյիշեալ բոլոր արժանիքներուն առընթեր պէտք է աւելցուէր համարձակութիւնը:

          «Սայաթ Նովա» մը իբրեւ յայտագիր ու իբրեւ պատմականի ներկայացում՝ հրամցնելը դժուար է, իսկ խուռներամ մշակութասէր հասարակութեան մը առջեւ զայն հետաքրքրական դարձնելը, արկածախնդրութիւն մըն է, որ կը կարօտի համարձակութեան:  Եւ այդ՝ պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան բացառիկ յաջողութեամբ կատարեց:

Իսկ իր նուագը՝ քանոնի վրայ (Մշակ.՝ Ս. Բարխուդարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութիւն՝ պրն. Ժագ Մագսուտի) մեզ համար եղաւ 3-րդ յայտնութիւնը:

Յոտնկայս բուռն ծափերով, վերջապէս պոռթկաց զսպուած հանդիսատեսը: Ազգային ու հոգեկան վառ գոյներով կ’աւարտէր երեկոյթը:

Հետաքրքրական ծանուցում մը ունեցաւ հանդիսավար տիկ. Ծովակ Սողիկեան:

Պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան վերջերս հեղինակած է ուսումնասիրութիւն մը երեք լեզուներով, որուն գինեձօնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 5 Ապրիլ, Միութեանս «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» Սրահին մէջ: Նիւթն է «Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Պարթեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին երաժիշտները»: Գիրքը պիտի ներկայացնէ պրն. Վիգէն Ադդարեան յարմարագոյն անձը նմանօրինակ պարագաներու:

Տիկ. Սողիկեան, դրուատանքի փակման խօսքերով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, ապա եւ ներկաներուն – իրենց ներկայութեանը համար – հրաւիրելով զանոնք սուրճի ու քաղցրեւէններու՝ սիրայօժար տրամադրուած տիկ. Թէրի Պաղտատլեանի կողմէ:

*     *     *

Հազուագիւտ է նման նոր ուժերու, նոր շնորհքներու հանդիպիլը մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Պէտք է ունենալ «աչք» ու նկատելու կարողութիւն, եւ մօտենալով այդ մութին մէջ մնացած «անծանօթ» արժէքներուն, պէտք է գրկել, քաջալերել ու թռիչք տալ անոնց, որպէս մշակոյթի յառաջապահ ապագայ արուեստագէտներ:

Եւ այդ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան բազմաթիւ առաքելութիւններէն մին եղած է… եւ է’…:

 

Պ. Գ.