ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Եգիպտոս այցելութիւնը

Երեքշաբթի՝ 5 Մարտ 2024-ին, Պաշտօնական այցով Եգիպտոս ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Նախ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներու առանձնազրոյցը, ապա քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:

Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ ընդգծած, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ Եգիպտոս-Հայաստան բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման: Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին շեշտած է հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու բազմադարեան սերտ կապերու փաստը` յաւելելով, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը իր ուրոյն դերը ունի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` յաւելելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է Եգիպտոսի հետ կապերու ընդլայնման ու խորացման գործին մէջ: Վարչապետը կարեւորած է նաեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւորուած են խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Վարչապետ Փաշինեանը Եգիպտոսի գործընկերոջը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ տեղի ունեցող քննարկումներու վերաբերեալ եւ անդրադարձած հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն:

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:

Մասնաւորապէս, ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Միջազգային Համագործակցութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է տնտեսական համագործակցութեան մասին փոխ ըմբռնման յուշագիր: Զայն ստորագրած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի միջազգային զարգացման համագործակցութեան նախարար Ռանիա Մաշաթը:

ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան եւ հողերու բարելաւման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ գիտատեխնիկական համագործակցութեան մասին 2024-2026 թուականներու իրականացման ծրագիրը: Զայն ստորագրած են Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան նախարար Ալ Սայետ Քասէրը:

ՀՀ Կենսոլորտի նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Շրջակայ Միջավայրի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է կենսոլորտի պահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին փոխ ըմբռնման յուշագիր:

ՀՀ վարչապետը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Վարչապետ Փաշինեանին դիմաւորած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան եւ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան: Վարչապետը մոմավառութենէ ետք ծաղիկներ խոնարհեցուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:

Անկէ ետք, վարչապետը առաջնորդարանի մէջ կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ, պատասխանած է անոնց հետաքրքրող տարբեր հարցումներուն:

Վարչապետն անդրադարձած է Եգիպտոսի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն, ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ այլ թեմաներուն: